Փետրուար 24-էն Մարտ 2 Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ'ունենան Համահայկական ձմեռնային խաղեր: Խաղերու ցանկին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերէն երեքը՝ դահուկ, լեռնադահուկ եւ սնոուպորտ, կը նախատեսուի իրականացնել Ծաղկաձորի մէջ, իսկ հոքէյ մարզաձեւը՝ Երեւանի Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Ինչպէս «Ազատ Օր»ին տեղեկացուց Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամ Պերճ Հալաճեանը, մարզախաղերուն կը մասնակցին 11 երկիրներէ (21 քաղաք) շուրջ 300 մարզիկներ: Ամէնէն բազմանդամ պատուիրակութիւնը կը պատկանի Մոնթրէալի: Այսօր տեղի ունեցող բացման արարողութեան կը նախատեսուին երկրի քաղաքական-մարզական շրջանակներու բարձր ներկայութիւններ: Մեծ ճիգ տարուած է որպէսզի մարզախաղերու կազմակերպումը ըլլայ անթերի:
Համահայկական խաղերու գաղափարը Սփիւռքի երիտասարդութիւնը Հայաստան բերելն է, մարմնամարզութեան միջոցով Հայաստանի մարզական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի հետ կապելը: Համահայկական ձմեռնային խաղերու կարգախօսն է «Միասնութիւն՝ մարզանքով»: