ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Բրիտանական խմբակի կազմէն՝ Համայնքներու տան Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ Սթիվըն Փաունտի եւ Մայք Կէյփսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցի լուծման, Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր: