Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ‘ քննարկելով շրջանին իրավիճակը:
Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր, անդրադարձան շրջանային զարգացումներուն եւ փոխադարձ գործակցութեան: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ իրանական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Ահմատինեժատ Կիրակի օր հեռաձայնեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Ատրպէյճանի նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու, շրջանային անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ: