«Կը մօտենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը, եւ մենք մտադիր ենք զայն նշելու Բրիտանիոյ մէջ: Շատ կարեւոր է, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ, երբեք չմոռցուի: Այդ պատճառով ալ մենք այստեղ ենք»
Հայաստան այցելութեան շրջագիծին մէջ Միջխորհրդարանական միութեան Բրիտանական խմբակի ղեկավար Ճոն Ուիթինկտէյլն ու խմբակի անդամներ՝ Բրիտանիոյ խորհըրդարանի լորտերու տան փոխ նախագահներ պարոնուհի Կլորիա Հուփըր, լորտ Ռիչըրտ Ֆոլքնըր, Համայքներու տան անդամներ Սթիվըն Փաունտ եւ Մայք Կէյփս այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Բրիտանացի հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, լռութեամբ եւ խոնարհումով յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:
Միջխորհրդարանական միութեան Բրիտանական խմբակի ղեկավարին եւ անդամներուն հետ հանդիպում ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ ծանօթացուց ցեղասպանութեան վերաբերող վաւերագիրներուն եւ փաստաթուղթերուն:
Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցին ընթացքին պատուիրակութեան ղեկավար, Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տան անդամ Ճոն Ուիթինկտէյլ նշեց, որ շատ կը յուզուի ամէն անգամ, երբ Ծիծեռնակաբերդ կ՛այցելէ: «Կը մօտենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը, եւ մենք մտադիր ենք զայն նշելու Բրիտանիոյ մէջ: Շատ կարեւոր է, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ, երբեք չմոռցուի: Այդ պատճառով ալ մենք այստեղ ենք», ըսաւ ան: «Կը մօտենանք Մեծ եղեռնի 100-ամեայ տարելիցին, շատերը յոյս ունին, թէ մոռացութեան տրուած է այդ փաստը. մենք եկած ենք ապացուցելու, որ աշխարհը չէ մոռցած: Ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է համախմբուի, որպէսզի ընդունի սարսափելի ոճրագործութիւնը, որ տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Ես հոգւով, սրտով հայերուն հետ եմ, թէեւ իմ երակներուս մէջ հայու արիւն չի հոսիր», իր կարգին շեշտեց Սթիվըն Փաունտ:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին վերաբերեալ Փաունտ նշեց, որ Փետրուարի սկիզբը Համայնքներու տան մէջ Ղարաբաղի հարցով զեկուցում կատարած է: Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքները դանդաղ կ՛ընթանան, եւ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը շատ աւելին պէտք է ընէ այս գծով: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կրկին ու կրկին պէտք է բարձրացուի Անգլիոյ խորհրդարանին մէջ: