Print
Category: Հայաստան-Արցախ

18 Սեպտեմբերին  Երեւանի «Ալեքսանդր Սպեանդիարեան» օփերայի թատրոնի փառաւոր բեմին վրայ փառաւոր հանդէս մը սարքեց «Դալար» պարախումբը, որ ելոյթ կունենար Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պատրաստուած «Պոլսահայ համայնքի օրեր» միջոցառման գծով:

Պէտք է անմիջապէս ըսել որ այս ելոյթը իսկապէս եղաւ փառաւոր ու խորապէս տպաւորեց օփերայի սրահը ամբողջովին լեցնող հանդիսականները, որոնց միջեւ կային պետական գործիչներ ալ:
«Դալար»ի նրեկայացման բուն նպատակն էր ցուցադրել գեղարուեստական տնօրէն Ժուլիա Մութլուի ձեռքով պատրաստուած պատմական տարազները: Ապա խումբին անդամները պիտի ներկայացնէին իրենց պարերէն քանի մը նմուշներ: Սփիւռքի նախարարութիւնը, հարուստ իրադարձութիւններով լեցուն այս օրերուն յաջողած էր նաեւ անթերի կերպով պատրաստել այս ձեռնարկը եւ ամբողջ սրահը լեցուն էր գնահատել գիտցող բազմութեամբ մը: Բայց «Դալար» պարախումբն ալ ապրեցաւ իր գագաթային օրը: Յայտնի էր որ բեմը խորապէս տպաւորած էր զիրենք ու անոնք կրցան պատիւ բերել պոլսահայութեան:
«Դալար»ը ներկայացնելու պարտականութիւնը դրուած էր փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի ուսերուն վրայ, որ արդէն շատ աշխատած էր այս ձեռնարկին ի նպաստ: Փոխ-խմբագրապետը իր տպաւորիչ խօսակցութեամբ ներկայացուց «Դալար» պարախումբը եւ գեղեցկօրէն մեկնաբանեց այն իմաստը որ կար պատրաստուած պատմական տարազներուն մէջ: Այնուհետեւ սկսաւ տարազներու ցուցադրութիւնը: Հսկայ բեմի մը վրայ շատ յաջող բեմադրութիւն մը նախատեսուած էր: Տարազակիրները մի առ մի բեմ կուգային նուագով ու տեսակ տեսակ պարերով, մինչ ետին հսկայ պաստառի մը վրայ կը ցուցադրուէր ներկայացուած տարազին պատմական լուսանկարը: Տարազակիրները յարափոփոխ երաժշտութեան մը ընկերակցութեամբ ու թատերական շատ յաջող մարմնաւորումներով լրիւ տեսանելի կը դարձնէին ներկայացուած տարազին մասնայատկութիւնը, մինչ վաւերագրական տուեալներ կը հաղորդուէին անտեսանելի հանդիսավարի մը կողմէ: Իւրաքանչիւր տարազ կÿողջունուէր ջերմ ծափահարութիւններով: Ժուլիա Մութլուի ու Ժանին Փափազեանի այս ծանր աշխատանքը իր արժանի վարձատրութիւնը կը գտնէր հայաշխարհի ամէնէն կարեւոր բեմին վրայ:
Տարազներու ցուցադրութենէն վերջ «Դալար»ի տղաքը ներկայացուցին քանի մը պարեր ու մասնաւորաբար իրենց երկու կարեւոր բեմադրութիւնը՝ մէկը Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ «Եկեղեցին Հայկական»ը, միւսն ալ Ժուլիա Մութլուի բեմադրութեամբ «Մուսա Լեռ»ը: