Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական երկօրեայ այցով ժամանեց Պաղտատ Փետրուար 16ին։ Օդանաւակայանին մէջ իրեն դիմաւորեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեբարին։ Դիմաւորման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ նախարարներու կարճատեւ առանձնազրոյց մը։
Յաջորդ օր Նալբանդեանին ընդունեց Իրաքի վարչապետ Նուրի Ալ-Մալիքին։
Ողջունելով Հայաստանի նախարարի այցելութիւնը՝ Իրաքի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացմամբ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ հայ եւ իրաքցի ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: «Մենք բարձր կը գնահատենք մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները եւ կը ցանկանք առաւել զարգացնել անոնք, ու իմ այցելութեան գլխաւոր նպատակը ատիկա է»։
Իրաքի վարչապետը ու Հայաստանի արտգործնախարարը հանգամանալից քննարկեցին երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական, կրթական, առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ փոխ գործակցութեան խթանման, Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան հաստատման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը։
Նախարար Նալբանդեան տեղեկացուց նաեւ Իրաքի քաղաքացիներուն համար Հայաստանի մուտքի արտօնագրի տրամադըրման կարգի դիւրացման՝ հրաւէրի պահանջը հանելու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան որոշման մասին։
Նշուեցաւ, որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է եւ արդէն կը կազմէ մօտ 80 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Անդրադառնալով իրաքահայ համայքնին՝ Նուրի Ալ-Մալիքին ըսաւ. «Հայերը դարերով աշխատած են Իրաքի մէջ, իրենց նպաստը բերած են երկրի զարգացման եւ այսօր ալ, չնայած բարդ իրավիճակին, իրաքահայութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ յանուն Իրաքի բարգաւաճման»։
Նոյն օրը կայացաւ Է. Նալբանդեանի հանդիպումը Իրաքի փոխ նախագահ Խուդեյր Ալ-Խուզայիի հետ։ Ողջունելով հիւրը՝ Իրաքի փոխ նախագահը նշեց, որ հայ-իրաքեան համագործակցութիւնը զգալի աճ արձանագրած է վերջին տարիներուն եւ այդ գործով կարեւոր նկատեց Պաղտատի եւ Երեւանի մէջ երկու երկիրներու դեսպանութիւններու վերաբացումը եւ բարձր մակարդակի փոխ այցելութիւնները։ Ան ընդգծեց, որ Իրաքը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով պատրաստ է մեծ քայլերով առաջ երթալ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Էդուարդ Նալբանդեան խնդրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցել Իրաքի նախագահ Ջալալ Թալաբանիին։
Հանդիպան անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, կրթական, մշակութային, առողջապահութեան բանագաւառներէն ներս երկկողմ համագործակցութեան։
Իրաքի փոխ նախագահը ներկայացուց երկրին մէջ կայունութեան եւ անվըտանգութեան ամրապնդման ուղղուած իշխանութիւններու ջանքերը։
Պաղտատի մէջ կայացան Հայաստանի եւ Իրաքի արտգործնախարարներ
Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Հոշիար Զեբարիի բանակցութիւնները
Ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը Պաղտատ՝ Հոշիար Զեբարին վստահութիւն յայտնեց, որ այն նոր կապ կը հաղորդէ երկկողմ բազմաբովանդակ փոխգործակցութեան։ «Վերջին տարիներուն երկու արտգործնախարարները բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են, ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ, որոնց համաձայն մենք յստակ քայլեր կատարեցինք համագործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու նպատակով եւ այսօր ականատես ենք լաւ արդիւնքներու՝ դեսպանութիւններու վերաբացում, ակտիւ գործող միջկառավարական յանձնաժողով, միմեանց սատարում միջազգային կազմակերպութիւններուն, առեւտրաշրջանառութեան շեշտակի աճ», ըսաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Պաղտատ այցելելու հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեան նշեց. «Իրաքի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն կը կապէ ժամանակի փորձութիւնն անցած աւանդական բարեկամութիւնը, որը ամուր հիմք կը հանդիսանայ երկու պետութիւններու միջեւ փոխ շահաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ ընդլայնելու համար»։
Նախարարներու հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակի, միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու։ Էդուարդ Նալբանդեան ու Հոշիար Զեբարին գոհունաթեամբ արձանագրեցին տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-իրաքեան փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ գործնական պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը։ Նախարար Նալբանդեան իրաքցի գործընկերոջը ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան գործադրուող ջանքերը՝ բարձր գնահատելով Իրաքի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը հիմնահարցի վերաբերեալ։
Նախարար Զեբարին մանրամասն ներկայացուց իրաքեան կառավարութեան ջանքերը՝ուղղուած Իրաքի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխանքները:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Իրաքի արտործնախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը։
Նախարար Նալբանդեան այցելեց Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրաքի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, երկրի մէջ իրականացուող բարեփոխումները, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նպատակով ձեռնարկող քայլերը, պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն։
Հայաստանի արտգործնախարարի այցելութիւնը Իրաք լայնօրէն լուսաբանուեցաւ տեղական եւ տարածաշրջանային լրատուամիջոցներուն կողմէ։