Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի վերածնունդի օր

Փետրուար ամիսը կը հա- մարուի ղարաբաղեան շարժման խորհրդանիշը: 1988 թուականի Փետրուար 20-ին ԼՂԻՄ մարզային խորհուրդը եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդը որոշում կայացուցին մարզը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորելու մասին: Ղարաբաղի մէջ այս օրը պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Արցախի վերածնունդի օր։

Արցախի վերածնունդը կը սկսի Փետրուար 13ին, որ կը նկատուի Արցախեան շարժման սկիզբը: Այդ օրը՝ 13 Փետրուար 1988ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի աշխատաւորներու եւ ուսանողներու առաջին հանրահաւաքը, եւ շարժումը դարձաւ համաժողովրդական: Ցոյցին ընթացքին մարդիկ կը վանկատէին՝ «Միացում», «Մայր Հայաստան»: Մինչ այդ, իրերայաջորդ օրերուն ընթացքին, հաւաքներ տեղի ունեցան Հադրութի, Ասկերանի եւ Մարտունիի մէջ: Այդ օրերուն Պաքուի ճնշումով գումարուած կուսակցական-տնտեսական ժողովները պէտք է ընդունէին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջը դատապարտող որոշում: Սակայն այդ ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հակառակը՝ պաշտպանուեցաւ Հայաստանին միանալու մարզի հայ բնակչութեան պահանջը:
26 տարի ետք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին Արցախեան շարժման մէջ ներդրում ունեցած մարդիկ: Անոնք այդ պատմական վայրին մէջ համախմբուած էին պարզապէս իրարու բարեւելու, յիշելու պատմական պահը:
Ասկերանի քաղաքապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, շարժման գործիչներէն Ալեոշա Գաբրիէլեան յիշելով այդ թուականը, կը նշէ թէ այդ օրը կարելի չըլլար ժողովուրդը հանել հրապարակ, ապա, ինչպէս 40ականներուն եւ 60ականներուն, շարժումը պիտի ճնշուէր, իսկ գործիչները պարզապէս ծայրայեղականներ պիտի կոչուէին եւ համապատասխան պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէին անոնց դէմ:
Մարզական կոմիտէի շէնքին մէջ, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի նստավայրն է, օրին հաւաքուած էին մարզի կուսակցական աշխոյժ, շրջանային կոմիտէներու անդամները, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջը դատապարտող որոշման կայացումը խափանեն: Որոշուեցաւ ժողովուրդը ոտքի հանել։
«Շարժման ամենամեծ ձեռքբերումն այն է, որ ինքնիշխան պետութիւն, անկախութիւն ունենք: Թէ՛ յաջողութիւնները, թէ՛ անյաջողութիւնները մերն են, մենք դրանցից չենք հրաժարւում: Սակայն պայքարը դեռ շարունակւում է. մենք միասնական Հայաստան պէտք է ունենանք, այլապէս չենք լինի», ըսած է Այլոշա Գաբրիէլեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք գո՞հ է Արցախեան շարժման ձեռք բերուած արդիւնքէն՝ գործիչ Սլաւիկ Առուշանեան պատասխանած է. «Գոհ եմ այնքանով, որ մենք փըրկուել ենք կործանումից, իսկ այն խնդիրները, որ հիմա ունենք, բխում է մեր ներքին պասիւութիւնից (կրաւորականութենէն): Պետութեան խնդիրը պէտք է լինի ժողովրդի բարեկեցութեան ու կենցաղի պայմաններու բարձրացումը եւ, ի հարկէ, առաւել կարեւոր խնդիրներից մէկը՝ բնակչութեան աճի խթանումը: Սակայն այս երկու կարեւոր խնդիրներն անու- շադրութեան են մատնուած: Այն պետութիւնը, որը բնակչութեան աճ չունի, մնացած խնդիրներն արդէն դեկորացիայի (զարդարանքի) են նման: Ի հարկէ, աշխատանքներ կատարւում են, սակայն, միեւնոյն է, նոյնիսկ վերաբնակեցման ծրագրերի իրականացման արդիւնքում՝ բնակչութեան աճ չունենք: 2000 թուականին խոստացել են, որ 10 տարի յետոյ 300 հազար բնակիչ կ՛ունենանք, սակայն հակառակը տեղի ունեցաւ. ես սա անպատասխանատու վերա- բերմունք եմ համարում»:
Արցախեան շարժման կազմակերպիչ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերու առաջին հրամանատարը վստահ է, որ Արցախեան պատերազմը եւ յաղթանակը այդ առաջին օրերու խանդավառութեան եւ կազմակերպուածութեան պտուղներ են:
«Պայքարը երբեք չի աւարտւում, այն աւարտւում է միայն ժողովրդի մահից յետոյ: Այսօր թէ՛ ներսից, թէ՛ դրսից լուրջ պայքար է պէտք», նշած է Արկադի Կարապետեան: