Հայ գաղթականներուն եւ ըստ եղանակի գործերուն աշխատող բանուորներու վերաբերող կանոններու մեղմացումը խնդրած է Հայաստանի Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղարը՝ Արթուր Պաղտասարեանը, նամակ մը յղելով իր ռուս պաշտօնակից Նիքոլայ Փաթրուչեւին: Ռուսական նոր օրէնսդրութեան համաձայն, հայերը կրնան Ռուսաստան մնալ առաւելագոյնը 90 օր՝ 180 օրուան ժամանակաշերտի մը մէջ: