Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հաղորդած տուեալներուն համաձայն՝ Փետրուար 9-15-ը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շըփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 400 անգամ: Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2,5 հազար կրակոց: