Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ հայամէտ կեցուածքներով յայտնի երեսփոխան Սթիվըն Փաունտ առաջարկած է բրիտանական խորհրդարանին մէջ կազմակերպել քննարկումներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը յստակացնելու համար:
Նշենք, որ երեսփոխան Փաունտ ընդգրկուած է ատրպէյճանական ...հռչակաւոր «սեւ ցուցակին» մէջ: Ան 2007-ին այցելած էր Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: