Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին՝ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակին 35-րդ տարեդարձին առիթով:

Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

----------------------------


«Որոտան»ի վաճառքը պիտի ազդէ՞ Իրանի հետ համագործակցութեան վրայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մուհամետ Ռէյիսի կ՛ուսումնասիրէ ամերիկեան «Քոնթուր Կլոպըլ» ընկերութեան Որոտանի ջրելեկտրակայանի վաճառքին մանրամասնութիւնները: Այս մասին յայտնած է դեսպանը՝ պատասխանելով «Նիուզ»ի թղթակիցին այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ վաճառքը ազդէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող համագործակցութեան վրայ:
Նշենք, որ Իրանը Հայաստանին կազ կը մատակարարէ՝ Հայաստանէն արտածուող ելեկտրականութեան փոխարէն։ ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մուհամետ Ռէյիսի կ՛ուսումնասիրէ ամերիկեան «Քոնթուր Կլոպըլ» ընկերութեան Որոտանի ջրելեկտրակայանի վաճառքին մանրամասնութիւնները: Այս մասին յայտնած է դեսպանը՝ պատասխանելով «Նիուզ»ի թղթակիցին այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ վաճառքը ազդէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող համագործակցութեան վրայ:
Նշենք, որ Իրանը Հայաստանին կազ կը մատակարարէ՝ Հայաստանէն արտածուող ելեկտրականութեան փոխարէն։