Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մինչեւ 2014-ի Մայիս Հայաստանը պիտի աւարտէ Տաւուշի մարզի Պառաւաքար ու Վազաշէն գիւղերու միջեւ հիմնական ճանապարհի շինարարութիւնը:

Նշուած գիւղերթ անմիջականօրէն մօտ են Ատրպէյճանի հետ սահմանին: Շինարարութեան վրայ պիտի ծախսուի ընդհանուր առմամբ 535,7 միլիոն դրամ: Ճանապարհը պիտի բարձրացնէ հաղորդակցման անվտանգութիւնը:

Ըստ News.am-ի՝ ՀՀ փոխադրամիջոցի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի խօսքով, աշխատանքներու շրջագիծին մէջ մնացած է ապահովել ճանապարհի 400 մեթրանոց հատուած: «Մինչեւ ամառ նոր ճա-նապարհը շահագործման կը յանձնուի»,- ըսած է նախարարը, եւ պատասխանելով վարչապետի հարցին, թէ հնարաւոր չէ՞ զայն աւելի շուտ աւարտել, պարզաբանած է,- «Ճիշդ էք: Կը փորձենք մինչեւ Մայիսի սկիզբ: Դժուարութիւնն այն է, որ այդ հատուածը լեռնային է»: