Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:
Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ եղաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան մանրամասնութիւններուն:
Նախապէս, երեք համանախագահները հանդիպում ունեցած էին Ա-տըրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Խօսելով մամլոյ ներկայացուցիչներուն, անոնք յայտնեցին, թէ հանդիպումներու ժամանակ վերահաստատեցին կողմերուն աջակցելու իրենց յանձնառութիւնը՝ օժանդակել անոնց որպէսզի լաւագոյն կարգաւորման հասնի հարցը, ինչ որ յանձնարարուած էր Տովիլի մէջ Մայիս 26ին կայացած նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի կողմէ:
Համանախագահները խօսեցան Վիլնիուսի մէջ Դեկտեմբերին կայանալիք ԵԱՀԿ նախարարական վեհաժողովի մասին, եւ հոն ներկայացուելիք իրենց աշխատանքի ծրագրի հարցերուն շուրջ: Անոնք շեշտեցին, թէ պիտի շարունակեն աշխատիլ՝ ուրուագծելու համար հիմնարար սկզբունքներու շուրջ առկայ հակասութիւնները: Պնդեցին՝ հրադադարը ամրապնդելու հարցին վրայ: