ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 3ին մեկնարկած Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին խորհրդարանական մեծամասնութիւնը որոշեց մէկ տարիով յետաձգել ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւորներուն առաջարկի քննարկումը՝
«Նայիրիտ» գործարանի խնդիրներուն առնչուած Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու մասին: ՀՅԴ խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ հրատապութեան կարգով ժամանակաւոր յանձնաժողովի ստեղծման հարցը պիտի ներառուի 24-27 Փետրուարին կայանալիք քառօրեայ նիստերու օրակարգին վրայ: «Ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու նպատակն այն է, որպէսզի կառավարութիւնը լիարժէք տեղեկատուութիւն տայ գործարանում առաջացած խնդիրների հետ կապուած», յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը: