Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան 31 Յունուարին միջնորդութիւն ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարան՝

կուտակային կենսաթոշակներու մասին օրէնքի 8րդ, 8.1րդ, 14րդ, 37րդ եւ 38րդ յօդուածներու գործողութիւնները մինչեւ դատաքննութեան աւարտը կասեցնելու վերաբերեալ: Ան այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ։

Միջնորդութեան մէջ նշուած է. «2014 թուականի Յունուարի 24ին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի աշխատակարգային որոշմամբ կասեցուեց «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 76րդ յօդուածը եւ 86րդ յօդուածի երրորդ մասը:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանին՝ որոշ գործատուներ մտադիր են (որոշ պարագաներու այս արձանագրուած փաստ է) 2014 թուականի Յունուարի մէկէն իրենց աշխատակիցներու աշխատավարձերը չնուազեցնելու նպատակով պարտադիր վճարը փոխհատուցելու համար բարձրացնել միայն 1974 թուականին եւ անկէ ետք ծնած նոյն աշխատանքը (պաշտօնական պարտականութիւնը) կատարող անձերու աշխատավարձերը՝ միւսներինը ձգելով աշխատավարձի նոյն մակարդակը: Այս տարիքային խտրականութեան դրսեւորում է եւ համարժէք աշխատանքի դիմաց համարժէք վարձատրութեան միջազգային իրաւունքի եւ սահմանադրական սկզբունքի խախտում: Յոյսով ենք այս միջնորդութիւնը կ՛արժանանայ անհրաժեշտ ուշադրութեան եւ կը ստանայ դրական լուծում: