Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ազերիները փորձած են արգելք հանդիսանալ ու խոչընդոտեր հայկական ներկայութիւնը, բայց չեն յաջողած

Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած է «Ֆիթուր» միջազգային զբօսաշրջային տարեկան ցուցահանդէսը Յունուարի վերջաւորութեան, ուր միասնական տաղաւարով ներկայացուած են Հայաստանն ու Արցախը:

Հայկական տաղաւարին դէմ յարձակում գործած են խումբ մը ազերիներ, որ փորձած են խոչընդոտել հայ ներկայացուցիչներու աշխատանքը։ Ծրագրուած սադրանքին ընթացքին հնչած են ցեղապաշտական կոչեր: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը:
Միջազգային ցուցահանդէսին հսկող ապահովութեան աշխատակիցներուն կողմէ անմիջապէս քայլեր առնուած են՝ անկարգ խմբաւորումը կարգի բերելու նպատակով, եւ ոստիկանները ցուցահանդէսի տարածքէն դուրս հանած են այդ գրգռիչները:
Հայաստանի եւ Արցախի միասնական տաղաւարը շարունակած է իր մասնակցութիւնը միջազգային ցուցահանդէսին: Տաղաւարը յագեցած է Հայաստանի ու Արցախի մասին պատմող ծանուցողական նիւթերով եւ քարտէսներով, եւ ինչպէս միշտ, այցելուներուն մեծ ուշադրութեան արժանացած է:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Սպանիոյ՝ միջազգային ցուցահանդէսին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան առընչութեամբ: Պաքու այդ որոշումը գրգռութիւն նկատած է: «Սպանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը կը շարունակէ աշխատանքը՝ հայկական կողմին գըրգըռութիւնը դադրեցնելու նպատակով», նշուած է ատրպայճանական բողոքագիրին մէջ:
Նշենք, որ Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը տեղական զբօսաշրջային հինգ ընկերութիւններու հետ գործակցաբար, Հայաստանը կը ներկայացնէր Մատրիտի մէջ կայացած այս միջազգային ցուցահանդէսին: Միեւնոյն տաղաւարին մէջ ներկայացուած էր նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 167 երկիրներու շուրջ 10 հազար զբօսաշրջային եւ աւելի քան 110 հազար առեւտրական ընկերութիւններ։

 

Հետաքրքրական արդիւնքի
կը յանգին ազերիական փորձերը...

ԼՂՀ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանը խօսելով ընդհանրապէս ցուցահանդէսի եւ ազերիական գրգռութեան մասին, հաւաստիացուցած է թէ ատրպէյճանցիներու հակաքարոզչութեան փորձը, ճիշդ հակառակ արդիւնքին կը յանգի. «Ադրբեջանցիների հակաքարոզչութիւնը, տաղաւարի մօտ կազմակերպուած ցոյցերը հիմնականում օտարերկրեայ զբօսաշրջիկների հետաքրքրութիւնն են առաջացնում Արցախի տաղաւարի նկատմամբ: Օտարերկրացիները մօտենում են, հետաքրքրւում են Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններով։ Եւ հէնց սկսում են տեղի ունենալ այդ անախորժութիւնները՝ կրկնապատկւում, անգամ քառապատկւում է այցելուների քանակը: Բնականաբար սկզբում օտարերկրացիների մօտ հարց է առաջանում, թէ ի՞նչ է կատարւում: Այնուհետեւ դրան յաջորդում է՝ ի՞նչ երկրի եւ ինչի՞ շուրջ է այդ ամէնը կատարւում: Այնուհետեւ զուտ զբօսա¬ շրջային գործունէութեան ոլորտն է հետաքրքրում օտարերկրացիներին» ըսած է Ս. Շահվերդեանը: