Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ջանասիրաբար կ'աշխատին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի եւ Կիպրոսի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ» յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերին, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին ընթացքին:

«Երբեմն մենք աննկատ կ'աշխատինք: Սակայն կը վստահեցնեմ, թէ աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ եւ կանգ չ'առներ ոչ մէկ օր»,- ըսած է ան: