Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նարեկ Սահակեան 26 տարեկանին ընտրուեցաւ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի համայնքապետ: ՀՅԴ անդամը ընտրութիւններուն յաղթեց իշխող ՀՀԿ ներկայացուցիչին:

Գիւղը հայ ատրպէյճանական սահմանին մօտն է։ Գիւղէն կ'երեւին ատրպէյճանական զինուժի յենակէտերը։
ՍիվիլՆեթի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի հետ զրոյցին ընթացքին ան պատմեց գիւղի, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին եւ իր համայնքի խնդիրներուն մասին:
Ան կ'ըսէ թէ կացութիւնը այնքան լարուած չէ որքան հայկական մամուլը կը ներկայացնէ։ «Մենք պատերազմ տեսած ենք, անշուշտ շարունակ կրակոցներ կը լսուին, մենք վարժուած ենք կրակոցներու աղմուկին, բայց այս կրակոցները գիւղին չեն ուղղուիր։ Անշուշտ լաւ կ'ըլլար որ չըլլային բայց մեր ժողովուրդը անապահով եւ վախ չի զգար։ Գիւղացին կ'ապրի իր ամէնօրեայ հոգսերով ու կեանքով, մեր բանակին կը վստահի քանի որ ունի հզօր յաղթանակած բանակ, որուն հսկողութեան տակ կþապրի, ինչպէս նաեւ մեր բանակը կը զգայ ամուր, քանի որ իր թիկունքը ունի հայ մարդը, հայ գիւղացին։ Մէկը միւսին ուժ տալով այստեղ կ'ապրինք։ Այսպէս խորհուրդ կուտամ հայ մամուլին որ առանց խորհուրդ առնելու յանձնառու մարմիններէն այսպիսի լուրեր չի տարածէ, որովհետեւ աւելի կ'ուրախացնէ Ատրպէյճանցիներուն։
Մենք 20 տարիէ ի վեր կ'ապրինք ոչ խաղաղ-ոչ պատերազմ իրավիճակին մէջ։ Գիւղացիները վարժուած են, իրենց համար սովորական երեւոյթ դարձած է այս իրավիճակը։ Չեմ կրնար ըսել որ վախ չկայ։ Կայ. մենք կը գտնուինք հակառակորդին դիմացը, ամէն օր կարելի է փոխ-հրաձըգութիւն ըլլայ։ Ամէն օր նոյն վտանգը կայ, նոյն լարուածութիւնը, բայց կը յուսանք որ օր մը կուգայ, որ լաւ կ'ըլլայ։ Իսկ գիւղացիներուն մօտ այն կարծիքը կայ որ մենք 1994էն ի վեր յաղթած ենք եւ զիջելու ոչինչ ունինք, միայն ակնկալիք ունինք։ Արցախեան հարցին վերաբերեալ մենք տալիք չունինք, այլ միայն ակնկալիք՝ հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծուելու։ Այս է մեր հողը եւ մենք հոս պիտի մնանք եւ սահմանին վրայ ապրելով մենք ցոյց կը տանք որ հզօր ենք»։
Գիւղապետը ըսաւ որ Բաղանիսէն արտագաղթ չկայ։ Անցեալ տարի երկու ընտանիք գացին բայց՝ ի զարմանք բոլորին վերադարձան։ 1996-97 թուականէն ետք, ընտանիքով մեկնողներ չկան այս գիւղէն։ Արտագնայ աշխատանք կայ, 45 տղամարդ մեկնած է գիւղէն աշխատանքի համար։ Բայց մեր ժողովուրդը որոշած է ապրիլ սահմանին վրայ։