Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նիւ Եորքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող ՄԱԿի զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ), բնակչութեան հիմնադրամի եւ ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի գործադիր խորհուրդի 2014ի նստաշրջանին ընթացքին Հայաստան 3 տարիով՝ 2014-2016, ընտրուած է գործադիր խորհուրդի անդամ:
Այս մասին գրուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան  հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
27 Յունուարի նիստին ելոյթ ունենալով՝ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանը՝ որպէս գործադիր խորհուրդի նորընտիր անդամ յայտնած է  Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը ՄԱԿի զարգացման ծրագիրին, բնակչութեան հիմնադրամին եւ ծրագիրներու իրա- կանացման գրասենեակին նոր ռազմավարական ու համաշխարհային ծրագիրներու իրականացման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ առաւել խթանելու այդ կառոյցներուն հետ յաջողած գործընկերութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Անդրադառնալով առկայ ծրագիրներուն մէջ տեղ գտած առաջնահերթութիւններուն՝ դեսպան Նազարեան յատկապէս մատնանը- շած է կայուն զարգացման նպատակներու, կլիմայի փոփոխութեան եւ աղէտներու վտանգներու ճշդորոշման, արդիւնաւէտ հիմնարկներու եւ կանանց յառաջդիմութեան հարցերու կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ անոնք պէտք է հանդիսանան զարգացման օրակարգի բաղկացուցիչ մաս: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ յիշեալ ծրագիրներու մշակման գործընթացին մէջ անդամ պետութիւններուն, ՄԱԿի գործակալութիւններուն, հասարակական կառոյցներուն ներգրաւելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը:
Բարձր գնահատելով աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ՄԱԶԾ անփո- խարինելի դերը՝ Հայաստանի դեսպանը նշած է, որ անիկա Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՛իրականացնէ երկու տասնեակէ աւելի զարգացման զանազան ծրագիրներ, որոնք համահունչ են Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն ու զարգացման կարիքներուն: