Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ ուսանողները, որոնք արտերկիր կը մեկնին ուսանելու, այլեւս չեն կրնար իրենց զինուորական ծառայութիւնը յետաձգել՝ առանց առնուազն 8.5 միլիոն դրամ գրաւի: Փոփոխութիւններու համապատասխան օրինագիծը ստացած է կառավարութեան աջակցութիւնը՝ իր նիստին ընթացքին:

Օրինագիծը ներկայացնելով՝ Հայաստանի կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը նշած է, որ ներկայիս օրէնսդրութեան մէջ բանակային զինուորական ծառայութիւնը յետաձգել կ՛արտօնուի այն ուսանողներուն, որոնք իրենց արտերկրեայ կրթութիւնը կը ստանան միջպետական ու միջգերատեսչական ծրագիրներով: «Նրանց համար, ովքեր ընդունուել են օտարերկրեայ բուհեր սեփական նախաձեռնութեամբ, զինծառայութիւնը կը յետաձգուի անհատական կարգով՝ 8.5 միլիոն դոլար գրաւի դիմաց: Այժմ այդ պահանջը կը տարածուի բոլորի վրայ՝ առանց բացառութեան», բացատրած է ան։
Այս որոշման պատճառն այն է, որ անոր ընդմէջէն պայքար պիտի մղուի հեռացող ու չվերադարձողներուն դէմ: Ուստի որոշումը կոչուած է «Ապահովելու նրանց վերադարձը հայրենիք, քաղաքացիական պարտքի իրագործումը ու ձեռքբերուած գիտելիքները յանուն հայրենիքի օգտագործելու»:
Անիկա ուղղուած է ուսման պատճառով բանակային զինուորական ծառայութենէն խուսափելու դէմ: