Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան՝ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով ատրպէյճանական խումբերու հետախուզական բնոյթի համակարգուած յարձակումը կասեցնելու ընթացքին հերոսաբար նահատակուած, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ենթասպայ Արմէն Յովհաննիսեանի յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Նախագահը՝ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին անունով խոր ցաւակցութիւն յայտնած է Յովհաննիսեաններուն ընտանիքին՝ երիտասարդ զինուորին անդառնալի կորուստին համար: Անոր համաձայն՝ Արմէն Յովհաննիսեանը եւ անոր մարտական ընկերները ցոյց տուին հայրենիքին նկատմամբ անմնացորդ նուիրուածութեան եւ ռազմարուեստին գերազանց տիրապետելու փայլուն օրինակ՝ անգամ մը եւս ապացուցելով, որ Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ի վիճակի են կասեցնելու թշնամիին կողմէ յարձակողական որեւէ դրսեւորում:
Նախագահ Սահակեան Ատրպէյճանի կեցուածքը նկատած է խիստ ապակառուցողական ու ահաբեկչական՝ դիտել տալով, որ անիկա մեծ հարուած կը հասցնէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն: