ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական կեցուածքը, մօտիկ ապագային ղարաբաղեան հարցին մէջ որեւէ յառաջընթաց չի տեսներ:
Ըստ Կ. Մանոյեանի, ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւնները իբրեւ ձեւ կը շարունակուին, սակայն յառաջիկային նախագահներու մակարդակով հանդիպումը շատ հաւանական չէ: Այդ հանգամանքն ալ Մանոյեանին հիմք կու տայ ենթադրելու, որ կարելի չէ յառաջընթաց ակնկալել նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ, հակառակ անոր որ Թուրքիա կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները տակաւին օրակարգի վրայ կը պահէ:
Արձանագրութիւններու վերադարձը Թուրքիոյ խորհրդարան ոչինչ կը նշանակէ, քանի որ այդ արձանագրութիւնները անցեալին ալ օրակարգի վրայ կը գտնուէին, սակայն չէին վաւերացուեր:
Կ. Մանոյեան նշեց, որ Թուրքիա վաւերացման ուղղութեամբ նոյնիսկ նուազագոյնը չէր կատարեր, ինչ որ անհրաժեշտ էր, որպէսզի փաստաթուղթերու վաւերացումը անպայման խորհրդարանի համապատասխան յանձնախումբին տեսակէտը ունենար: «Արձանագրութիւնները օրակարգին վրայ պահելով՝ Թուրքիա պարզապէս կ՛ուզէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ կայ հոլովոյթ, իսկ այդ հոլովոյթը կ՛ենթադրէ Հայաստանի վրայ այլ պետութիւններու կողմէ ճնշում, որպէս- զի մենք մեր ստորագրութիւնը ետ չվերցնենք», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան: Ան շեշտեց, որ Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանի օրա- կարգ վերադարձուցած է այդ խնդիրը լուծելու համար: Ըստ Դաշնակցական գործիչին, պարզ է, որ անոնք ո՛չ մտադրութիւն եւ ո՛չ ալ ցանկութիւն ունին այդ արձանագրութիւնները վաւե- րացնելու, քանի որ նոյնիսկ Հայաստանի այդքան բարեացակամ եւ զիջողական կեցուածքին դիմաց Թուր- քիա կը շարունակէ նախապայմաններով խօսիլ Հայաստանի հետ:
Մանոյեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքին ոչնչացումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին կողմէ քիչ մը շշմեցուցած է ատրպէյճանցիները, եւ անոնք կը փորձեն այդ հարցին լոյսին տակ քաղաքականօրէն քիչ մը զուսպ մնալ: Ըստ անոր, զուսպ մնալու միւս հանգամանքն ալ ՄԱԿ-ի մէջ Ա- տըրպէյճանի թեկնածութեան հարցն է:
«Վերջին շրջանին անոնք կը փորձեն քիչ մը նուազ յաւակնոտ եւ ռազմատենչ երեւնալ, որպէսզի փորձեն կողմակիցներ ապահովել ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին մէջ իրենց թեկնածութիւնը արդիւնաւէտ ձեւով առջեւ տանելու համար», նշեց Մանոյեան: