Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայաստանի հետ սահմանը հանգիստ է եւ հայկական զինուած ուժերը ոչ միայն կը վերահսկեն իրավիճակը, այլ կը հանդիսանան թելադրող» խօսքերով արտայայտուեցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը, անդրադառնալով ատրպէյճանական խումբերու յարձակման դէպքին:

«Փաստը, որ թշնամին չէ կարողացած ներթափանցել երկրի խորքը եւ հակահարուած ստանալով նահանջած է, կ'ապացուցէ թէ իր պատասխանը լրիւ ստացած է»: Արծրուն Յովհաննիսեան նկատել տուած թէ այդպէս չ'աւարտիր հայկական զինուած ուժերու պատասխանը եւ հայկական կողմը ատրպէյճանական արկածախնդրութեան առընչութեամբ կուտայ իր որոշումը:

 

Ատրպէյճանական Ներթափանցումները Կանխելու Ընթացքին
Հայ Զինուոր մը Նահատակուած է

Յունուար 19-ի ժամը 23։50-էն մինչեւ 00։15 Ղարաբաղա-Ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագծին հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով ատրպէյճանական խումբերու ներթափանցման համակարգուած փորձ կատարուած է։ Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը։
Հայկական կողմը ատրպէյճանական փորձը ձախողութեան մատնած է թշնամիին պատճառելով նկատառելի մարդկային ու նիւթական կորուստներ։ Հայկական կողմէն նահատակուած է զինուոր մը՝ Արմէն Յովհաննիսեանը:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի Յունուար 20ի հրամանագրով, ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած արիութեան համար՝ Արմէն Յովհաննիսեանը յետ մահու պարգեւատրուած է «Արիութեան համար» մետալով: