Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունուար 20-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Կարէն Միրզոյեանի հանդիպումը։

Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու փոխ գործակցութեան անցեալ տարուայ արդիւնքները եւ այդ ուղղութեամբ ընթացիկ տարուայ մէջ իրականացուելիք աշխատանքները: Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ամփոփեցին 2013 թուականի ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը, արծարծեցին Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով բանակցային գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Հայաստանի եւ Արցախի հետ սահմանի շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուող սադրանքներու հարցով՝ նախարարներ Նալբանդեան եւ Միրզոյեան անդրադարձած են նախորդ գիշեր ատրպէյճանական յարձակողական խումբերու ներթափանցման փորձերուն,, որ յանգեցան կրտսեր սերժանտ Արմէն Յովհաննիսեանի մահուան։ Նախարարները ատրպէյճանական կողմի այս յարձակումները սադրիչ եւ անպատասխանատու քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում նկատեցին, որ նպատակ ունէր խանգարել այս շաբաթ ծրագրուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները: