Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԱՐԱՐԱՏ.- Սեպտեմբեր 23ին, Արարատի մարզպետ Էդիկ Բարսեղեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արայիկ Գրիգորեան, «Հայջրմուղկոյուղի» ընկերութեան Արարատի մարզային մասնաճիւղի ղեկավար Ֆելիքս Մելիքեան եւ նոյն ընկերութեան ներդրումային ծրագիրի տնօրէն Նորիկ Գէորգեան շնորհաւորեցին Նոյակերտ եւ Եղէգնաւան գիւղերու բնակիչները:

Վերջապէս իրականացաւ անոնց երազը. մայր գիծէն սնուող Նոյակերտ-Եղէգնաւան 13 քլմ. երկարութեամբ խմելու ջրագիծի կառուցումով, լուծուեցաւ երկու գիւղերու 4816 բնակիչներուն խմելու ջուրի հարցը:
13 քլմ. երկարութեամբ ջրագիծը, որուն կառուցման համար ծախսուած է 200 միլիոն դրամ, վերջնականապէս գիւղացիները ազատեց մէկ դոյլ ջուրը 400 դրամով գնելու ամէնօրեայ խնդիրէն: Փողոցներու երկու ծայրամասերուն տեղադրուած ջուրի ծորակները 24 ժամեայ ջրամատակարարում պիտի ապահովեն բնակիչներուն համար:
Իսկ 2012ին, պիտի սկսին այդ համայնքներու խմելու ջուրի ներքին ցանցի շինարարական աշխատանքները, որոնց շնորհիւ բնակիչները պիտի ունենան 24 ժամեայ ջրամատակարարում: