Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունուար 18-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մէկտեղուեցաւ ժողովուրդը բողոքելու համար «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի»ն:

Երթին մասնակցեցան նաեւ Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւնները՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «ժառանգութիւն»ը, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ Հայ ազգային կոնգրէսը:
Հաւաք-երթի մասնակիցները պահանջեցին Սահմանադրական դատարանին Յունուար 25-ի նիստին կասեցնել եւ հակասահմանադրական ճանչնալ «կուտակային կենսաթոշակային բարեփոխումների մասին» օրէնքը:
Հաւաքի մասնակիցները լոզունգներ հնչեցուցին՝ «կասեցում», «յաղթանակ», «մենք ենք տէրը մեր երկրի», «Սերժիկ, հեռացի՛ր»: Ձեռքին ունէին պաստառներ՝ «Ո՛չ գրպանահատութեանը», «Ո՛չ պարտադիրին», «Դուրս եկէք մեր գրպանից», «Ո՛չ իշխանական տըզրուկներին», «Ո՛չ հոգեւոր անբարտաւանութեանը» գրութիւններով:
Հաւաքը բազմամարդ էր: Ներկայ էին նաեւ 1974-էն առաջ ծնած մարդիկ, որոնց վրայ նոր օրէնքը չի տարածուիր:
Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ ՍԴ նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի նախկին ուսանողները՝ «Ապացուցիր, որ չես ստել մեզ դասաւանդելիս» գրութեամբ պաստառներով:
Հաւաք-երթի նպատակն էր՝
1. Իրազեկ դարձնել հանրութիւնը օրէնքի հակասահամադրականութեան, հակասոցիալական կէտերուն մասին,
2. Ցոյց տալ ՀՀ ղեկավար մարմիններուն թէ հայ ժողովուրդը համախմբ ու կազմակերպուած ձեւով կը տանի այս պայքարը,
3. Սահմանադրական Դատարանէն պահանջել կասեցնել, այնուհետեւ հակասահմանադրական հռչակել օրէնքը»:
Հաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Նաիրա Զոհրաբեանը, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամ Ռուբիկ Յակոբեանը, ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը եւ այլք:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խըմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը իր ելոյթին նշեց, թէ ներկայ սոցիալ-տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ, երբ կազի, ուժանիւթի սակագինին սուղցած է, կը պարտադրուի նաեւ «այս արատաւոր կենսաթոշակային համակարգը»:
«Մենք ձեզ հետ միասին պէտք է ասենք՝ ո՛չ: Պէտք է կարողանանք վճռական պայքար մղել» ըսած է ան։
«Պատրա՞ստ ենք մինչեւ վերջ պայքարելու»,
ուրեմն մինչեւ Յունուարի 25-ը ՍԴ-ն պէտք է լսի ձեր ձայնը, վճռական կոչը» յայտարարեց Արծուիկ Մինասեանը։ «Յաղթանակ՝ մեր ապագայ եւ ներկայ սերունդների համար»: