«Գազպրոմ» ընկերութիւնն արդէն պաշտօնապէս դարձաւ «Հայռուսգազարդ» ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասի սեփականատէրը:
Այդ առնչութեամբ համաձայնագիր կնքած են «Գազպրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը եւ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը, 6
Յունուարին «Գազպրոմ»ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ: «Հայռուսգազարդ»ի 20 տոկոսի բաժնետոմսերու առուծախի պայմանագիրը կնքուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջպետական համաձայնագիրի զարգացման ծիրին մէջ: Այսպիսով՝ «Գազպրոմ»ը կ՛աւելցնէ իր բաժնեմասը «Հայռուսգազարդ»ի կանոնադրական դրամագլուխին մէջ՝ հասնելով մինչեւ 100 տոկոսի: Ընկերութիւնը պիտի կոչուի «Գազպրոմ Արմէնիա»:
«Այս գործարքը լիովին կը համապատասխանէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ոգիին: «Գազպրոմ»ը երկար տարիներ յաջողութեամբ համագործակցած է հայ գործընկերներուն հետ՝ տարբեր ուղղութիւններով: Մեր կողմէ իրականացուած են լայնածաւալ նախագիծեր՝ փոխադրութեան եւ ելեկտրականութեան ոլորտներուն մէջ: Իսկ կարեւորագոյնը ձեռք բերուած Հայաստանի համար ընկերային մեծ նշանակութիւն ունեցող արդիւնքն է՝ մենք հասած ենք 96 տոկոս կազամատակարարման մակարդակի: Մեր համագործակցութեան մէկ այլ կարեւոր ուղղութիւնն է կազաշարժիչային վառելիքը: Մենք այս իմաստով մեր հայ գործընկերներէն սորվելիքներ ունինք։ «Գազպրոմ»ը միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի յուսալի գործընկերը», յայտնած է Ալեքսէյ Միլլերը: