ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղաւ շրջանը աշխատանքային այցով ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Հիւպատոսարանը հիւրընկալող շէնքը կը գտնուի հայահոծ բնակչութիւն ունեցող Կլենտէյլի սրտին մէջ, Սենթրըլ պողոտային վրայ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւսիսը:
Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ՝ դրօշակի բարձրացման արարողութեամբ: Հիւպատոսարանի մուտքի ժապաւէնը կտրեցին արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեանը եւ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանը:
Իրենց աղօթքով նոր հիւպատոսարանը օրհնեցին շրջանիս երկու թեմերու առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան գլխաւոր հիւպատոսը, Կլենտէյլի քաղաքապետ Լորա Ֆրիտմըն եւ ՀԲԸՄի փոխ նախագահ, հիւպատոսարանի սեփականատէր «Հայաստանի տուն» կազմակերպութեան համանախագահ Սինան Սինանեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը Լոս Անճելըս ժամանած էր Նիւ Եորքէն, ուր ՄԱԿի գլխաւոր համաժողովին ելոյթով մը հանդէս գալէ ետք, անցեալ Ուրբաթ օր ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած ու Անկախութեան նուիրուած ճաշկերոյթին:
Նախագահը Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին մասնակցեցաւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներու ընկերակցութեան կողմէ «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկին մէջ կազմակերպուած տնտեսական ֆորումին, որուն մասնակցելու հրաւիրուած էին նաեւ հայ եւ օտար գործարարներ: