Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի միանալուն ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւնը:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ ըստ մարզերու կազմուած աշխատանքային խումբերու ղեկավարները մանրամասնութիւններ ներկայացուցին Մաքսային միութեան անդամակցութեան «ճամբու քարտէսով» նախատեսուող նախաձեռնութիւններու կատարման ընթացքին եւ քայլերուն վերաբերեալ:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յանձնարարեց պատկան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն աշխատանքները իրականացնել՝ բացառելով որեւէ շեղում սահմանուած ժամանակացոյցէն, եւ խնդիրներու ի յայտ գալու պարագային զանոնք ներկայացնել պարբերաբար կատարուելիք խորհըր- դակցութիւններու ժամանակ: