Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վերջերս «Ռատիոլուր»-ի թղթակից Արտակ Բարսեղեան անդրադարձած է ընտանեկան տոհմածառերուն ներկայացուցած կարեւորութեան եւ արժէքին: Ան գրած է. «Իւրաքանչիւրիս կը հետաքրքրէ իր ընտանիքի պատմութիւնը՝ որո՞նք եղած են մեր նախնիները, ինչո՞վ զբաղած են:

Շատերը սկսած են կազմել իրենց տոհմածառը: Վերջերս, ես որոշեցի կազմել մեր ընտանիքի տոհմածառը: Հարցուփորձ ընելով հարազատներուս եւ բարեկամներուս՝ յաջողեցայ «հասնիլ» մինչեւ հօրս պապուկին հօրը, որուն անունը հիմը եղած է մեր ազգանունին: Այսպիսով՝ կրցայ հասնիլ մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը:

«Ընդհանուր առմամբ՝ մեր տոհմածառին մէջ հաւաքեցի 95 մարդ: Համացանցի վրայ գործող «Համահայկական տոհմածառ» նախագծի շրջանակներուն մէջ ականատես եղայ 1400-է սկիզբ առնող տոհմածառին, ուր կայ աւելի քան 1700 անձ:
Նախագիծի համահիմնադիր Լիլիթ Մակարեան նշած է, որ կայքին վրայ կայ մօտաւորապէս 30 հազար արձանագրուած տոհմածառ: Հետաքրքրական է, որ անոնց կարգին են նաեւ այլազգի մարդոց տոհմածառերը:
Տոհմածառի միջոցով կարելի կ՛ըլլայ գտնել հեռաւոր բարեկամներ եւ բացայայտել ընտանիքի պատմութեան նոր էջերը: Վերջերս նախագիծը կազմակերպած էր մրցում, որուն համաձայն, պէտք է որոշուէին մեծագոյն եւ հնագոյն հայկական տոհմածառերը: Մեծագոյնը նկատուած է Չիլինգարեաններ-Մամիկոնեաններու տոհմածառը՝ 1600-է աւելի անունով, իսկ տոհմածառի աւագը ծնած է 1650 թուականին, հնագոյն տոհմածառն ալ Աթարբէկեաններու ընտանիքն էր, որուն մասին առաջին վկայութիւնը 615 թուականէն է:
Նախագիծի ծիրին մէջ կը կատարուին տոհմաբանական եւ ծագումնաբանական մասնագիտական հետազօտութիւններ, որոնց ընդմէջէն կը կատարուին ուսումնասիրուող տոհմին վերաբերող հաւաստի տուեալներու յայտնաբերում, ուսումնասիրութիւն, փորձաքննութիւն: «Համահայկական տոհմածառ» նախագիծը նպատակ ունի յիշեցնել մեզի՝ մեր սեփական ընտանիքներու պատմութեան կարեւորութիւնը եւ տրամադրել միջոցներ՝ այդ բոլորը բացայայտելու եւ ժառանգորդներուն փոխանցելու: