Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Տը Հերիթէյճ Ֆաունտէյշըն» ֆոնտը եւ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» ամսագիրը հրապարակած են «Տնտեսական ազատութեան ցանկ-2014» զեկոյցը, որուն մէջ Հայաստան կը գրաւէ 41րդ դիրքը 178 երկիրներու մէջ եւ 18րդ դիրքը՝ 43 եւրոպական երկիրներու շարքին:

Ցանկի կազմութեան 20ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստան 267 միաւորով բարելաւած է իր տնտեսական ազատութեան գնահատականը: Անիկա բարելաւումներ արձանագրած է 10 «ազատութիւններէն» 8ին մէջ, որոնց կարգին՝ դրամավարկային ազատութիւնը, ելեւմուտքի կառավարման ազատութիւնը, առեւտուրի ազատութիւնն ու ֆինանսական ազատութիւնը: Հայաստանի 2014ի ցուցանիշը եղած է 68.9 միաւոր՝ վերջին տարուան ընթացքին նուազելով 0.5 կէտով, որ զեկոյցի հեղինակները կը բացատրեն «ներդրումներու, գործա- րարութեան եւ հարկային ոլորտի որոշակի վատթարացմամբ»: Ցանկին համաձայն՝ վերջին տասնամեակին Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է տնտեսութեան բազմազանութեան եւ աղքատութեան նուազեցման առումով: Հայաստանի տնտեսութիւնը գնահատուած է «չափաւոր ազատ»: Հայաստանի մէջ տարեկան միջին եկամուտը 5838 տոլար է, գնաճը՝ 2.5 տոկոս:

Այնուամենայնիւ, զեկոյցի հեղինակները կÿըսեն թէ Հայաստանը պիտի հանդիպի մեծ դժուարութիւններու՝ տնտեսութեան հետագայ ամրապնդման ճամբուն վրայ: «Գոյքային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փտածութենէն պաշտպանուածութեան բաղադրիչը բաւական ցած է համաշխարհային չափանիշներէն», նշուած է զեկոյցին մէջ։