Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը եւ Webtv.am մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր հովանաւորութեամբ, յայտարարած են «Web Ծիրան» համահայկական 3-րդ առցանց շարժանկարի փառատօնին սկիզբը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ շարժանկարի փառատօնին կրնան ներկայացուիլ, առանց տեսակի սահմանափակումներու, խաղարկային, վաւերագրական, կենդանի գծապատկերը եւ այլ տեսակներու, մինչեւ 30 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ:
Մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է մինչեւ 25 Յունուար 2014-ը Տի.Վի.Տի. կրիչով ժապաւէնները ներկայացնեն «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի գրասենեակ: Ի դէպ, ժապաւէնները ներկայացնող հեղինակները անոնցմով կը հաւաստեն, որ անոնց ցուցադրման հեղինակային իրաւունքներու հարցերուն համար «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը եւ webtv.amհայկական մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանը պատասխանատու չեն: Նշենք, որ փառատօնը պիտի աւարտի 23 Փետրուար 2014-ին:
«Web Ծիրան» համահայկական 3-րդ առցանց շարժանկարի փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին բացառաբար webtv.am հայկական մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանէն: Անոնց արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ 2014-ի Փետրուար 25-էն Մարտ 5 ինկած ժամանակահատուածին մէջ՝ յատուկ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, պիտի յայտարարուի դատական կազմը:
Փառատօնը սահմանած է գլխաւոր 1 եւ խրախուսական 2 մրցանակ: Ըստ անոր, գլխաւոր մրցանակակիրը պիտի պարգեւատրուի հազար տոլարի համարժէք հայկական դրամով եւ յատուկ վկայականով, իսկ խրախուսական մրցանակակիրները՝ յատուկ վկայականով: Յիշատակուած երեք մրցանակակիրներուն պիտի տրուի նաեւ մասնագէտ նկարահանող արհեստագիտութենէն 10 օր անվճար օգտուելու կարելիութիւն:
Ամէնէն աւելի դիտումներ արձանագրած ժապաւէնը պիտի արժանանայ «Համակրանք» խրախուսական մրցանակին եւ յատուկ վկայագրին: Իսկ ամէնէն աւելի հաւանումներու արժանացած ժապաւէնը կ՛արժանանայ յատուկ մրցանակի:
«Web Ծիրան» համահայկական 3-րդ շարժանկարի փառատօնը այս տարի պիտի ներկայացնէ նաեւ «Web Ծիրան. ՄՈՒԼՏԻՄԵԴԻԱ» ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ միայն բջիջային հեռախօսներով, պլանշեթներով, սմարթֆոններով նկարահանուած կարճ ժապաւէնները: Անոնք պիտի ցուցադրուին ինչպէս շարժանկարի փառատօնի, այնպէս ալ webtv.am հայկական մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջերուն վրայ:
Այս արհեստագիտական միջոցներով նկարահանուած ժապաւէնները կամ անոնց յղումները կրնան ուղարկել This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. ելեկտրոնային հասցէին՝ նշելով ժապաւէնին անուանումը, հեղինակին մասին համառօտ տուեալներ, գործող բջիջային հեռաձայնին թիւը եւ գրաւոր հաւաստում, որ ժապաւէնը ուղարկուած է հեղինակին կողմէ, որուն համար պատասխանատու է ժապաւէնին հեղինակը: