Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԼՂ Հիմնահարցի Կարգաւորումէն Մինչեւ ՀՀ Քաղաքացիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութիւն Արտերկրի Մէջ

ՀՀ կառավարութիւնը Յունուար 9-ի իր նիստով հաստատած է երկրի համար 2014-ի գերակայ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնները: ՀՀ կառավարութեան 2014-ի գերակայ խնդիրներուն մէջ կը շարունակէ մնալ արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին անվտանգութեան հետագայ ամրապնդման, զարգացման համար անհրաժեշտ արտաքին բարենպաստ պայմաններու եւ երաշխիքներու ապահովման, համաշխարհային եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն մէջ առաւել ընդգրկման, բարեկամ եւ գործընկեր երկիրներու հետ երկկողմ ու բազմակողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու ամրապնդման, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ գործուն մասնակցութեան ապահովման արտաքին քաղաքական ուղեգիծը: Գերակայ խնդիրներու մէջ է արտաքին անվտանգութեան ռազմաքաղաքական բաղադրիչի ամրապնդումը:
Կը շեշտուի նաեւ Ռուսաստանի հետ դաշնակցային փոխգործակցութեան եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու առաւել խորացման ու ընդլայնման, ԱՄՆ-ի հետ բարեկամական գործընկերութեան ամրապնդման, Եւրոպական երկիրներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման քայլերու անհրաժեշտութիւնը:
Բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ կ'ընդգծուի Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման քաղաքականութեան շարունակականութեան, համագործակցութեան նոր իրաւական ձեւաչափի ձեւաւորման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Մաքսային Միութեան անդամակցութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման գործընթացներուն մասնակցութիւնը: Քայլեր պիտի ձեռնարկուին ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս համագործակցութեան շարունակական խորացման, ԱՊՀ անդամ երկիրներու հետ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու խորացման, եւ ԱՊՀ ծիրէն ներս ընթացող գործընթացներուն աշխոյժ մասնակցութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակուի ՆԱԹՕ-ի Անհատական Գործընկերութեան Գործողութիւններու Ծրագիրի իրականացումը: 2014-ին Հայաստանը պիտի շարունակէ զարգացնել յարաբերութիւնները անմիջական հարեւաններու՝ Վրաստանի եւ Իրանի, ինչպէս նաեւ Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի եւ Ասիոյ այլ երկիրներու, Ափրիկէի պետութիւններու հետ:
Մեր երկիրը պիտի զարգացնէ աւանդական փոխգործակցութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի աւանդական գործընկեր երկիրներու հետ:
Գերակայութիւն կը շարունակէ մնալ նաեւ Գանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հետ համագործակցութեան զարգացումը:
Յառաջիկայ տարին Հայաստանը առաւել աշխոյժ ներգրաւուածութիւն պիտի ունենայ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ եւ պիտի պաշտպանէ սեփական շահերը: Այս նպատակով պիտի խորացուին յարաբերութիւնները միջազգային եւ տարածաշրջանային տնտեսական եւ ելեւմտական կառոյցներու հետ՝ հնարաւորինս ապահովելու համար Հայաuտանի ուժանիւթի անվըտանգութիւնը, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, երկրի զարգացումը, հայրենական արտադրանքի արտահանման համար նոր շուկաներու բացայայտումը եւ արտաքին ներդրումներու խրախուuումը:

Հայաստանը քայլեր պիտի ձեռնարկէ նաեւ մշակութային համագործակցութեան խթանման եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ: Կառավարութիւնը պիտի աշխատի յառաջիկայ տարին նպաստել միջազգային ասպարէզի մէջ ՀՀ հեղինակութեան եւ դրական վարկանիշի ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան դիրքորոշումները աւելի ընկալելի դարձնելուն:
ՀՀ ԱԳՆ գերակայութիւներու շարքին պիտի ըլլան Հայաստանի քաղաքացիներու եւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութիւնը արտերկրի մէջ: