Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հետզհետէ բարձրացող ցուցանիշներով կÿարձանագրուի Յունաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը: Հոկտեմբեր 2013ին ցուցանիշը 27,8% հասաւ, մինչ Սեպտեմբեր 2013ին 27,7% էր եւ տարի մը առաջ՝ 26,1%:

Ըստ հելլէն վիճակագրական մարմնի հրապարակած տուեալներուն, աշխատանքով ապահովուած մարդոց թուաքանակը նուազեցաւ 94.531 հոգիի, Հոկտեմբեր 2012էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2013 ժամանակահատուածի ընթացքին:
Այր մարդոց մօտ գործազրկութեան ցուցանիշը 24,7%է, իսկ կիներուն մօտ՝ 32,1%: 15-24 երիտասարդներուն մօտ գործազրկութիւնը 57,9% տոկոսի կը հասնի: