Յունուար 6ին սկսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Փերու:
Նոյն օր կայացաւ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Փերուի իր պաշտօնակից Էդա Ռիվաս Ֆրանչինիի հանդիպումը, որ սկսաւ առանձնազրոյցի ձեւաչափով, ապա շարունակուեցաւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Փերուի արտաքին գործոց նախարարը ողջունեց 21 տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնը Լիմա եւ ընդգծեց որ այցելութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ քննարկելու եւ բացայայտելու փոխ շահաւէտ համագործակցութեան բնագաւառները:
Լիմայի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Փերուի Գոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարթին Փէաունդէ Մորէյրայի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Փերուի յարաբերութիւններու զարգացման, երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու՝ Ազգային Ժողովի եւ Գոնկրէսի միջեւ կապերու եւ համագործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւններ:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան միջազգային օրակարգերու շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան Փերուի Գոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու նախագահին պարզեց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցը, նշելով Միսնկի խումբի նախագահներու դերը: