ՀՀ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խըմբակցութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան:
ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, առաջնորդուելով ՀՀ Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8-րդ կէտով՝ որոշած է Վահան Յովհաննիսեանը նշանակել Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայր՝ Պերլին):