Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ 22 Դեկտեմբերին զինուորական ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին
հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն թեթեւ հրազինային վէրքեր ստացած են 1994ի ծնունդ Յովհաննէս Ժորայի Դաւթեանը եւ 1994ի ծնունդ Էրիկ Սլաւիկի Կարապետեանը:
Վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց: Դէպքին մանրամասնութիւնները բացայայտելու համար հետաքննութիւն կը կատարուի։
Ատրպէյճանական Սադրիչ Յարձակման Հայաստանի Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Կանխարգելիչ Եւ Խիստ
Մի քանի օր առաջ, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ սահմանային զինադադարի խախտման պատճառով զոհուած է 1987ի ծնունդ զինուորական ծառայող Հրանտ Պօղոսեանը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը զինադադարի խախտման եւ արձանագրուած զոհին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է՝ դիտել տալով, որ դէպքը տեղի ունեցած է այն ատեն, երբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նախագահները Պաքու կը գտնուին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճան կ՛անտեսէ անոնց ներկայութիւնն ու հանգամանքը։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ զինադադարը յարգելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներու կոչին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հրամանով հայկական կողմէ չէ արձակուած ոչ մէկ կրակոց: