ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Շուրջ 2 շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան ներածուած է 3 հատ կոկորդիլոս:
Այս մասին «Փանորամա»ին յայտնած է Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Արմինէ Սուքիասեանը:
Անոր համաձայն, կենդանիներուն սննդամթերքին վրայ կնիքը դրուած է Նոյեմբերին, իսկ անոր պիտանելութեան ժամկէտը 3 ամիս է:
«Սա կոկորդիլոսի ներկրման առաջին փորձն է: Ներկրուած կենդանիները, որոնցից իւրաքանչիւրը կշռել է մօտ 12 կգ., Հայաստան են բերուել ապխտած վիճակով», բացատրած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գիշատիչ ու լէշակեր կենդանիի միսը կարելի՞ է ուտել՝ ան ըսած է, որ կոկորդիլոսին միսը կը նկատուի ազատ վաճառքի սննդատեսակ: «Նահանգներում էլ շատ տարածուած ուտեստ է համարւում», հաստատած է Սուքիասեան:
Յիշեցնենք, որ նախորդ օրերուն համացանցի վրայ խօսակցութիւններու ու քննարկումներու նիւթ եղած էր հայաստանեան հանրախանութներէն մէկուն մէջ տեղադրուած եւ 380,000 հազար դրամ արժող կոկորդիլոսին լուսանկարը: