Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ուսուցիչներու
Կրճատումներ
Դպրոցներուն Մէջ

Ջաւախքի դպրոցներուն մէջ դարձեալ ուսուցիչները ենթարկուած են կրճատումներու: Ախալքալաքի դպրոցներու մանկավարժներ կը տեղեկացնեն, որ քաղաքի թիւ 1 հանրակրթական դպրոցէն (նախկին Յովհաննէս Թումանեանի անւան դպրոց) հեռացուած են 26 ուսուցիչներ:

Յիշեցնենք, որ այս դպրոցի տնօրինութիւնն ու մանկավարժական կազմը որոշած էին մանկավարժները գործէ չհեռացնելու նպատակով միայն կրճատել աշխատվարձերը:
Թիւ 2 հանրակրթական դպրոցէն (նախկին Ա. Մայաքովսքիի անուան դպրոց) հեռացուած են 18 մանկավարժներ: 16 ուսուցիչներ նաեւ աշխատանքէ հեռացուած են Ախալքալաքի թիւ 4 հանրակրթական դպրոցին մէջ (նախկին Դ. Դեմիրճեանի անուան դպրոց):
Ուսուցիչները գործէ ազատելու պատճառները անյայտ կը մնան: Կարինէ Թադեւոսեան ունի 24 տարուան մանկավարժական փորձ եւ կը դասաւանդէր քիմիագիտութիւն ու կենսաբանութիւն: Ընթացիկ Սեպտեմբեր 14ին, ան հեռացուած է իր պաշտօնէն: Ախալքալաքի թիւ 4 հանրակրթական հայկական դպրոցի տնօրէն Նաթելա Գրիգորեանը, Կարինէ Թատեւոսեանը գործէն ազատելու իր որոշումը բացատրած է ըսելով, որ ան նաեւ Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան ատենապետուհին է: Ուսուցչուհին այս հիմնաւորումը ծիծաղելի կը գտնէ՝ նշելով, որ Վրաստանի ՀՕՄը բարեգործական կազմակերպութիւն է եւ ինք չի վճարւիր իր կատարած բարեգործական աշխատանքներուն համար։