Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի «Ապառաժ» թերթը հարցազրոյց մը կատարած է ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանի հետ, մանրամասնելով «Ազգային առաջին վիճակախաղի» արդիւնքները:

Արթուր Աղաբեկեան յայտնած է թէ շրջանառութեան մէջ դրուած էր 300.000 տոմս: Ընդամէնը մի քանի օր մնացած է վիճակաձգութեան համար, որ նախատեսուած է կատարել Դեկտեմբեր 28ին:
Արդէն սպառած է 250.000 տոմս, որ կը նշանակէ թէ վիճակախաղի շահումային ֆոնտը կը կազմէ 200 միլիոն դրամ:
Վիճակախաղի նուէրներն են ՝
- Ստեփանակերտի մէջ բնակարան մը,
- 300 գորգ արցախեան զարդանախշերով՝ ստեղծուած Ղարաբաղ «Կարպետ» գորգագործական ընկերութեան կողմէ,
- 5 զբօսաշրջական ուղեգիր Արցախի մէջ, «Զբօսաշրջային պտոյտներ Արցախում» ծրագրով, որ կը  ներառնեն 3, 4, 5 եւ 6  օրուայ կեցութիւն Արցախ, Երեւան-Ստեփանակերտ-Երեւան ճանապարհածախս, այցելութիւններ Արցախի պատմաճարտարապետական եւ մշակութային  վայրեր:
Պրն. Աղաբէկեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս նախաձեռնութեան, յայտարարելով թէ վիճակաձգութեան աւարտին անպայմանօրէն պիտի հրապարակուին նուէրները շահողներու անունները:
Ինչպէս ըսած ենք, վիճակախաղի խաղակութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 28ին, առտուայ ժամը 11:00էն սկսեալ եւ պիտի տեւէ 6 ժամ: Տօնական բնոյթը պիտի փոխանցեն Ստեփանակերտ քաղաքի տարբեր դպրոցներու առաջին դասարանի 72 աշակերտ:


Վիճակախաղին կարելի է հետեւիլ www.nkrlottery.am եւ  www.aparaj.am կայքէջերէն