Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համաձայնագիրը   վաւերացուած  չէ.  Ազգային Ժողովի  չորս  խմբակցութիւններ  համատեղ յայտարարութիւն  հրատարակած  են  այս  գծով

Երէկ Հայաստանի Ազգային  Ժողովին մէջ տեղի ունեցած է կազի վերաբերող համաձայնագիրներու քննարկումը եւ քուէարկութիւնը:

Ազգային ժողովին դիմաց, Ռուսիոյ հետ ստորագրուելիք կազի համաձայնագիրին դէմ բողոքի ցոյց կատարող շուրջ 100 գործիչները իրենց ձայնը լսելի դարձուցած են, համախմբուելով Ազգային Ժողովի շէնքին առջեւ եւ մուտք գործելով սրահէն ներս:
Իրաւապաշտպան Արգիշտի Կիվիրեան յայտնեց, որ իրենք կը պայքարին, որովհետեւ կազի վերաբերեալ համաձայնագիրները կը սպառնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ կը սպասարկեն միայն ռուսական կողմի շահերուն: Ըստ անոր, այս համաձայնագիրները կարելի է կոչել ստրկական համաձայնագիրներ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ըստ այդ համաձայնագիրին, Հայաստանի մէջ կազի գործունէութիւնը ծաւալող միակ ընկերութիւնը 30 տարիով կը դառնայ «Կազփրոմ»-ը:
Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ Քուէարկութիւնը

Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող իշխող կուսակցութեան անդամները ձեռքով քուէարկութեամբ վաւերացուցին Ռուսիոյ հետ կազային երեք համաձայնագիրները, սակայն ընդդիմադիր պատգամաւորներուն կարծիքով, անիկա պէտք է անվաւեր նկատել:
Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին 77 պատգամաւորներ թեր քուէարկելով՝ վաւերացուցին «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ «Հայռուսգազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսերի առքուվաճառքի եւ հետագայ գործունէութեան պայմանների մասին համաձայնագիր»ը:
Այս քուէարկութիւնը նախատեսուած էր կատարել Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերին, սակայն ժողովականներու անհրաժեշտ ներկայութիւն չկար։
«Արմինիա Նաու»ի լրագրող Գոհար Աբրահամեան կը գրէ. «Անհանգիստ էր նաեւ Ազգային ժողովի դահլիճում, նիստի ընթացքում նոյնիսկ լրագրողների օթեակից Ազգային ժողովում հաւատարմագրուած լրագրողներն էին պաստառներ պարզել եւ ծեծում էին ապակիները՝ կանխելու ՀՀԿական պատգամաւորների կողմ քուէարկութիւնը, մի քանի լրագրողներ էլ մուտք էին գործել նիստերի դահլիճ եւ ի նշան բողոքի «որոշողը մենք ենք», «մի՛ վաճառէք Հայաստանը» գրութիւններով պաստառներ պարզել»:
Իշխող համաձայնականի ներկայացուցիչները ստիպ-ւած եղան ձեռքով քուէարկելու, քանի որ ընդմիջման ատեն «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան հաւաքած էր ՀՀԿի պատգամաւորներուն քարտերը՝ զրկելով ելեկտրոնային համակարգով քուէարկելէ:
Ձեռնպահ ու դէմ քուէարկողներ չեղան, քանի որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները՝ Հայ ազգային կոնգրեսը, «Ժառանգութիւն»ը,  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները քուէարկութենէն առաջ պոյքոթի ենթարկեցին քուէարկութիւնը ու լքեցին դահլիճը՝ միանալով Ազգային ժողովի դարպասներուն առջեւ հաւաքուած քաղաքացիներուն: