Դիւանագիտական պատերազմ կը ծաւալի ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս, ուր պաղեստինցիները ջանքեր կը գործադրեն քուէներ ապահովելու համար Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման օգտին:
Երէկ Երկուշաբթի օր կայացաւ առաջին հանդիպումը ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս, իսկ երկրորդը կը նախատեսուի վաղը Չորեքշաբթի օր: Այսուամենայնիւ քուէարկութիւնը դեռ պիտի ուշանայ, ինչ որ տեղ տուած է անպաշտօն «դիւանագիտական պատերազմի»:
Սպիտակ տան մէջ պաշտօնատար մը «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը զգուշացուցած է, թէ Ուաշինկ-թըն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման քայլը վեթոյի պիտի ենթարկէ։
Ան Ապպասին յայտնած է, որ ՄԱԿի մէջ քայլերը Պաղեստինեան պետութեան հաստատման պիտի չառաջնորդեն։ Օպամա ՄԱԿի բեմէն եւս կոչ ըրաւ բանակցութեանց ճամբով ապահովելու Պաղեստինի անկախութիւնը:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ապպասի յայտնած է, թէ իր երկիրը կը զօրակցի Իսրայէլի կողքին պաղեստինեան պետութեան մը հաստատման։ Ան նշած է, թէ Ռուսիա, երբ պայմանները յարմար ըլլան, այդ նպտակը իրականացնելու աշխատանք պիտի տանի՝ Մոսկուայի մէջ Միջին Արեւելքի մասին խորհըրդաժողով մը կազմակերպելով։
Նաեւ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիա լիակատար զօրակցութիւն ցոյց կու տայ Պաղեստինի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին, ու կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ եթէ Իսրայէլ պետութիւն է, ապա Պաղեստին եւս պետութիւն պէտք է նկատել։ «Եթէ Պաղեստինի իշխանութիւնները պաշտօնական ճանաչումի մասին դիմում կատարեն ՄԱԿի մօտ, ապա Թուրքիա պիտի կանգնի պաղեստինցիներու կողքին», դիտել տուաւ վարչապետը, յոյս յայտնելով, որ ի վերջոյ իրականութիւն կը դառնայ 1947ին ՄԱԿի կողմէ վաւերացուած Պաղեստինը կազմաւորելու որոշումը։
Էրտողան ամերիկեան «Փի. Պի.Էս.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, թէ Իսրայէլ կ՛ուզէ, որ Պաղեստինի ձեռքին մէջ զէնք չըլլայ, մինչ Իսրայէլ ունի ամէն տեսակի զէնք, մինչեւ իսկ հիւլէական ռումբ։ «Պաղեստինը բաց երկինքի տակ բանտ է։ Նոյնիսկ մէկ սնտուկ լոլիկ կարելի չէ Պաղեստին մտցնել, առանց իսրայէլացիներու թոյլտուութեան», ըսած է Էրտողան։