Հայաստանի մայրաքաղաքի փողոցները լեցուն են ձիւնով, որ կը դժուարացնէ ժողովուրդի եւ ինքնաշարժներու շրջագայութիւնը:
Գլխաւոր պողոտաներուն վրայ տարուած մաքրութեան աշխատանքներէն ետք, քաղաքապետարանի կից
երիտասարդութեան հարցերու խորհուրդի կամաւորներ, ստանձնեցին երկրորդական փողոցներու եւ հրապարակներու մաքրութեան աշխատանքը:
Երիտասարդները բահերով կտրած են սառոյցը, եւ ձիւնը մաքրած են մայթերէն: