ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը Ամանորի առթիւ անակնկալ մը մատուցած է Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղի դպրոցականներուն:
Արդարեւ, Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, ի դէմս բարերար Նշան Տեւէճեանի, դպրոցը հիմնովին կահաւորուած է եւ հարստացած է համակարգիչներով:
Ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն անունով խօսք առնելով՝ դպրոցի տնօրէն Արմէն Վարդանեան շնորհաւորած է ներկաներուն գալիք Ամանորը եւ ըսած. «Այնչա՛փ շնորհակալ ենք նուէրի համար: Խոստանում ենք, որ մեր բարերարների յաջորդ այցին իրենց կը զարմացնենք մեր առաջադիմութեամբ եւ գիտելիքներով»: Իսկ Հիմնադրամի ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, խոստացած են դպրոցի 74 աշակերտներուն անունով գրուած շնորհակալական նամակը եւ ձեռագործ աշխատանքը փոխանցել բարերարին:
Նշենք, թէ բարերար Նշան Տեւէճեան կը հովանաւորէ նաեւ շուրջ 650 բնակիչ ունեցող նոյն գիւղին մէջ զանազան գործունէութիւններ ծաւալով համայնքային կեդրոնին կառուցումը: Յառաջիկայ գարնան, գիւղը պիտի ունենայ բարեկարգուած վարչական կեդրոն, բուժարան, գրադարան, հանդիսութիւններու սրահ եւ համակարգչային սենեակ: