ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասին մէջ անձնասպան եղած է 1994ի ծնունդ զինուոր Վանիչկա Արամայիսի Յովակիմեանը։
10 Դեկտեմբերի երեկոյեան ան հեռաձայնած է հօր եւ ըսած, որ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն։ Ան վեց ամիսէն պիտի վերջացնէր զինուորական ծառայութիւնը։
«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վանիչկայի դասատու Լիանա Խաչատրեան յայտնած է. «Վանիչկան երեկոյեան ժամը 6ին զանգել է մօրը, հարցրել՝ ոնց են, որից յետոյ խնդրել է, որ լաւ լինեն: Դրանից յետոյ խօսել է հօր հետ ու ասել ինքնասպանութեան մասին: Արամայիսը հետ է զանգել, բայց արդէն ուշ է եղել. Վանիչկան մահացած էր: Գիւղում բոլորս շոկի մէջ ենք», նշած է Լ. Խաչատրեանը: Ան դիտել տուած է, որ Վանիչկան միշտ իւրայատուկ եղած է, օգնող, վիպապաշտ եւ գրականութիւն սիրող։
Վանիչկան տան երէց զաւակն էր. քոյրը այս տարի ընդունուած է համալսարան, սակայն կրթաթոշակը վճարել չկարենալուն պատճառով դուրս մնացած է, իսկ եղբայրը դպրոցական է: Ծնողները կը զբաղին հողագործութեամբ:
Չինարի գիւղին մէջ խօսակցութիւններ կան այն մասին, որ Վանիչկան անձնասպան ըլլալէն առաջ նամակ գրած է, սակայն այդ մասին տակաւին հաստատուած ոչինչ կայ։
Յարուցուած է քրէական գործ։ Տակաւին մանրամասնութիւններ չկան։