Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպման ընթացքին համանախագահները ներկայացուցին Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահին հետ քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ծիրին մէջ նախագահական եւ նախարարական մակարդակներով հետագայ հաւանական հանդիպումներուն վերաբերեալ հարցեր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ Վիեննայի մէջ 19 Նոյեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման եւ Քիեւի մէջ 4 Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ զրոյցին ընթացքին շարունակուեցան քըննարկումները ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը առջեւ մղելու վերաբերեալ:
Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց 14 Դեկտեմբերին Տաւուշի մարզի սահմանային գօտիին վրայ ատրպէյճանական կողմին արձակած կրակոցին պատճառով հայ զինուորի մահուան վրայ: Նախարարը ընդգծեց, որ հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակի եռանախագահ երկիրներուն կողմէ բազմիցս հնչող զինադադարի ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին կոչերուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Ատրպէյճանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան մնայուն խախտումներու զոհ կը դառնան ոչ միայն զինուորներ, այլեւ քաղաքացիներ, եւ կրակոցներու թիրախ կը դառնան քաղաքացիական ինքնաշարժներ:
Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ այսպիսի սադրանքներ կը խոչընդոտեն խաղաղ լուծման ուղղութեամբ համանախագահներուն եւ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ յաջորդ տարեսկիզբին Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու նոր հանդիպում կազմակերպելու կարելիութիւնը: