Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մարզական լրագրողներու  հանրապետական ֆետերասիոնի հարցման արդիւնքներով որոշուեցան  2013 թ. մրցաշրջանի 10 լաւագոյն   մարզիկները:

Հարցման մասնակցեցան  մարզական նիւթեր գրող  22  լրագրողներ: Անոնք Հայաստանի թիւ մէկ  մարզիկ ճանչցան  աշխարհի, Եւրոպայի ախոյեան, համաշխարհային ունիվերսիադայի  արծաթէ մետալակիր  Դաւիթ Սաֆարեանին: Ստորեւ կը  ներկայացնենք  10 լաւագոյններու անուանացանկը:
1. ԴԱՒԻԹ  ՍԱՖԱՐԵԱՆ  ազատ ըմբշամարտ 220 միաւոր
2. ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ հ/հ  ըմբշամարտ 187
3. ԱՐՍԷՆ ՋՈՒԼՖԱԼԱԿԵԱՆ հ /հ ըմբշամարտ 155
4. ՌՈՄԻԿ ԱՄՈՅԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ 119
5. ԱՇՈՏ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ սամբօ 109
6. ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԹԵԱՆ  սպ. մարմնամարզութիւն  88
7. ԱՐԱՄ  ԱՒԱԳԵԱՆ  բռնցքամարտ 75
8 .  ՄԱՔՍԻՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ 52
9 . - 10. ՄՈՒՍԱ  ՄՈՒՐԹԱԶԱԼԻԵՒ ազատ ըմբշամարտ 49
9 .-10. ԱՐԹՈՒՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ  49
Մարզական լրագրողները հարցաթերթիկներուն մէջ նշած են 9 մարզիկներու անուններ եւս.  ճատրակիստներ Լիլիթ Մկրտչեան, Զաւէն Անդրիասեան, բռնցքամարտիկներ Արթուր Քիրաջեան, Հենրիկ Մոքոյեան, սամբիստներ Տիգրան Կիրակոսեան, Սոսէ Բալասանեան, Մաւրիկ Նասիբեան, Երջանիկ Կարապետեան եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Վաչիկ Եղիազարեան:
Լաւագոյն խումբ ճանչցուեցաւ Եւրոպայի անհատական եւ խմբային առաջնութեան մէջ երրորդ տեղը գրաւած Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականը: