Կենսաթոշակային պարտադիր 5 առ հարիւր վճարումին դէմ են քաղաքացիները, որոնցմէ ոմանք, Ձմեռ պապի հագուստ հագած, ցոյցի ելան Երեւանի մէջ։
Անոնց նպատակն է նորանոր նախաձեռնութիւններով հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այս հարցին վրայ, որ 2014ի Յունուար 1էն գործադրութեան պիտի դրուի եւ զգալապէս պիտի նուազեցնէ շատերու աշխատավարձքը։
Նշենք, որ Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցին մէջ յայտնած է այն կարծիքը, թէ Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին անցնելէ առաջ կþարժէ անգամ մը եւս քննարկել հարցը եւ կատարել կարելի եղած բոլոր փոփոխութիւնները: Ան ընդգծած է, որ այդ պատճառով ալ Դեկտեմբեր 11ին դիմած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին՝ մինչեւ Յունուար 1 Ազգային Ժողովին մէջ արտակարգ նիստ գումարելու եւ «Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցին կապակցութեամբ: