Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի մէջ մասնակցած է օփերայի նշանաւոր երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէի «Հայաստան Եւ Արցախ. Քրիստոնէութեան Կղզեակ» ալպոմի շնորհահանդէսին:
Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այդ իրադարձութիւնը պատմական է Արցախի համար՝ աւելցնելով, որ սպանացի երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէ «շարունակում է պատմական քրիստոնեայ քարոզիչների առաքելութիւնը՝ բարձր արուեստի միջոցով ոչ միայն Արցախն աշխարհին ներկայացնելով, այլեւ իւրօրինակ կոչ յղելով մարդկութեանը՝ պահպանելու քրիստոնէական արժէքները»:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է աշխարհահռչակ երգչուհիին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են նախագիծի իրականացման՝ ընդգծելով, որ ատիկա անկեղծ բարեկամութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է:
Հանդիսութեան մասնակցած են նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպաններ Շարլ Ազնաւուրն ու Վիգէն Չիթեչեանը, Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, Ֆրանսայի խորհրդարանի խումբ մը անդամներ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններէն բարձր աստիճան պաշտօնեաներ։