Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) անդամ երկիրներու նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան այցելած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ ունեցաւ մօտ 1.5 ժամ տեւած դռնփակ նիստ մը։
Հանդիպումէն ետք Նալբանդեան յայտնեց, որ Տաւութօղլուին փոխանցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը առանց նախապայմաններու յառաջ տանելու Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը:
Միւս կողմէ, Տաւութօղլու խուսափեցաւ հայ լրագրողներուն հետ հանդիպելէ եւ մամլոյ ասուլիս տուաւ միայն թրքական լրատուամիջոցներուն:
Թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկէն ուղիղ հաղորդումով սփռած է Տաւութօղլուի ասուլիսը։
Ան խօսած է ՍԾՏՀ նիստին ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր քննարկումներուն մասին: Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ թուրք նախարարը նշած է, որ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուած են հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական անցեալը բաց եւ անկեղծ կերպով քննարկելու, Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն մնայուն լուծում գտնելու, տարածաշրջանը տնտեսապէս զարգացընելու, Հայաստանի՝ տարածաշրջանային տնտեսական նախագիծերուն անդամակցելու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցերը: «Անկեղծ հանդիպում էր: Առանց հանդիպելու, խօսելու եւ առկայ խնդիրները քննարկելու կարելի չէ յառաջ երթալ», ըսած է Տաւութօղլուն:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին թուրք լրագրողները միայն երկու հարցում ուղղած են։ Լրագրող մը հարցուցած է, որ նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուա՞ծ է արդեօք «գրաւեալ երկու շրջանները վերադարձնելու դիմաց հայ-թրքական սահմանը բանալու մասին» Տաւութօղլուի Երեւան այցելելէ առաջ թրքական մամուլին մէջ շրջան ընող լուրին. Տաւութօղլուն պատասխանած է, որ ատիկա թրքական մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւն է, որուն անդրադարձած է նաեւ հայկական մամուլը: «Մենք խօսած ենք երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու մասին», նշած է ան։ Միւս հարցումը կը վերաբերէր ՍԾՏՀ հետագայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:
Տաւութօղլու Երեւանեան Ասուլիսի Ընթացքին Խօսած Է
Հայերու «Տեղահանութեան» Մասին
«1915-ին հայերու տեղահանութիւնը անմարդկային էր, եւ Թուրքիան երբեք չէ աջակցած այդ քայլին»: Այս մասին՝ ըստ Tert.am-ի՝ երէկ Երեւան կատարած այցի ընթացքին քանի մը թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն:
«Հուրրիէթ»-ը կը գրէ, որ Տաւութօղլուն Հայաստան մեկնած էր մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խմբային հանդիպումին:
«Մենք գոհ ենք Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպումէն: Ան անկեղծ էր: Հիմնական նպատակն էր երկխօսութեան համար ամուր հիմքերով միջավայր կառուցելը»,-ըսած է ան եւ յոյս յայտնած, որ երկու երկիրներու հաւաքական գիտակցութիւնը կրնայ «արդար յիշողութիւն» ստեղծել: «Մենք կ'ըսենք «արդար յիշողութիւն», ինչ որ կը նշանակէ, որ մենք պէտք է իմանանք փաստերը: Այդ ժամանակ մենք կը տեսնենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները նման չեն գերմանա-հրէական կապերուն: Ամէն փողոցի մէջ մէկ ընդհանուր գիծ կայ: Երբ մենք հասկնանք ատիկա, ապա կը տեսնենք, որ տեղահանութիւնը, որ ես բացարձակ սխալ կը համարեմ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, անմարդկային էր»,-ըսած է Տաւութօղլու Երեւանի մէջ:
Երեւանը կը ցանկանայ՝ Անգարան ճանչնայ հայերու զանգուածային սպանութիւնները՝ «առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած տեղահանութիւնը» ցեղասպանութիւն համարէ, սակայն Թուրքիան կը մերժէ ատիկա:
Տաւութօղլու նշած է, որ հիմնական նպատակը սահմանը բանալը չէ, այլ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններ ստեղծելն է: Այս գործը, ըստ անոր, երեք «ոտք» ունի:
Առաջինը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններն են: «Մենք Պաշշար Ասատի հետ բարեկամ էինք, սակայն այժմ չեմ կրնար Դամասկոս մեկնիլ այնպէս, ինչպէս եկայ Երեւան: Անգամ բարեւելը այժմ դժուար է»,- ըսած է ան:
Երկրորդը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններն են, որը «կրնանք անգամ էթնիկ խաղաղութեան հաստատում կոչել»: «Նոյնիսկ Վրաստանի ու Աբխազիոյ յարաբերութիւնները այստեղ նշանակութիւն ունին»,- ըսած է Տաւութօղլու:
Իսկ երրորդը հայ եւ թուրք ժողովուրդներու յարաբերութիւններն են, այսինքն՝ Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Մոսկուայի, ուր ալ որ ըլլայ թուրքերու եւ հայերու միջեւ առկայ խնդիրներու լուծումը:
«Երէք ոտքերէն մէկը եթէ վնասուի, խնդիրներ կ'առաջանան: Ենթադրենք՝ սահմանը բացինք, վաղը եթէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմ սկսի, դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլան զայն փակելու»,-ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Տաւութօղլու դարձեալ մեղադրած է հայկական սփիւռքը եւ նշած, որ արտերկիր այցերու ընթացքին ինք միշտ կը փորձէ հանդիպիլ սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ: «Մենք զգացած ենք, որ եթէ սփիւռքի հետ հիմք չստեղծուի, թուրք-հայկական յարաբերութիւններու վրայ ճնշում կը գործադրուի, եւ գործը առաջ չþերթար»,-ըսած է։